2015-03-26 11:55:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի`26 Մարտի քարոզը։


''Վարդապետութիւնը չէ որ երջանկութիւն կը ներշնչէ այլ հաւատքը ու յոյսը` Յիսուսին հանդիպելու''­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հինգշաբթի` 26 Մարտ 2015-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, շեշտելով թէ ''տխուր է տեսնել հաւատացեալ մը որ չի գիտեր ուրախանալ''։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց Աբրահամի ուրախութեան, երբ իմացաւ թէ զաւակ մը պիտի ունենար, Աստուծոյ խոստումին համաձայն։

Աբրահամ ծեր էր ու նաեւ անոր կինը Սարան­, սակայն ինք կը հաւատայ եւ իր սիրտը կը բանայ յոյսին - ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ ''այս մէկը սակայն օրէնսդիրներուն համար անհասկնալի էր որովհետեւ  անոնք չէին հասկնար երջանկութեան իմաստը, յոյսի երջանկութիւնը եւ խոստումի երջանկութիւնը։ Անոնք չէին գիտեր ուրախանալ ու կորսնցուցած էին ուրախութեան իմաստը որ կը բխի հաւատքէն։

Օրէնքի վարդապետները գուցէ կարող էին զուարճանալ – դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – սակայն ապերջանիկ էին։ Ասիկա արտայայտութիւնն է կեանքի մը` առանց Աստուծոյ հաւատքի, առանց Աստուծոյ վրայ վստահութեան եւ առանց Աստուծոյ յոյսին։ Անոնց սրտերը կարծրացած էին։

''Տխուր է առանց երջանկութեան հաւացեալ ըլլալ, եւ երբ երջանկութիւն չկայ` չկայ նաեւ հաւատք, երբ չկայ յոյս` չկայ նաեւ օրէնք, այլ միայն ''սառած'' վարդապետութիւն։

Հաւատքի ուրախութիւնը, Աւետարանի ուրախութիւնը, անձի մը հաւատքի համեմատութեան հիմքն է։ Առանց ուրախութեան այդ անձը իսկական հաւացեալ չէ։ Խնդրենք Տիրոջմէն պարգեւը խրախուսուելու յոյսով, պարգեւը ` օր մը հանդիպելու Յիսուսին , երբ Անոր հետ գտնուինք երջանկութեան շնորհքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.